image

Վիտալի Բալասանեանը պիտի մնայ ձերբակալուած. փաստաբանի բողոքը մերժուած է

Վիտալի Բալասանեանը պիտի մնայ ձերբակալուած. փաստաբանի բողոքը մերժուած է

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը պիտի շարունակէ մնալ ձերբակալուած։

Բալասանեանի փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեանը դիմատետրեան էջին գրած է, որ ձերբակալման իրաւաչափութեան հետ կապուած բողոքը մերժուած է։

Յիշեցնենք՝ Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուած է 13 յուլիսի երեկոյեան։ Անոր հետ միասին ձերբակալուած էին նաեւ որդին եւ քեռորդին։ Որդին, սակայն, ազատ արձակուած է։

Փաստաբանն ահազանգած էր, որ Բալասանեանի մարմնի վրայ առկայ են բազմաթիւ վնասուածքներ։