image

Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան այցելեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարան

Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան այցելեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարան

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, օրերս ընդունած է Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի այցելութիւնը։ Անոնք հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցած են Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ լիբանանահայութեան մասին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Ուրբաթ, Փետրուար 28-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ընդունեց Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու յարգելի հիւրը հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ լիբանանահայութեան մասին։

Վեր. Հայտոսթեան  յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՚այցելէ դասախօսելու Գոլումպիա համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայ դերակատարութեան մասին, ինչ որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մարտ 3-ին։ Ան նաեւ Հայ Օգնութեան «Նորեան» երիտասարդական ծրագրի բանախօսներէն մէկն է եւ ներկայ գտնուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կազմակերպած՝ «Հայկազեան» համալսարանի 70ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան։

Վեր. Հայտոսթեան, անդրադառնալով Լիբանանի եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութեան վիճակին, նշեց, թէ Միջին Արեւելքի լարուած վիճակը այժմ անցումային շրջան մը կը բոլորէ, եւ դժուար է կանխատեսել քաղաքական ապագան։

Համալսարանի կացութեան մասին, Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն պատերազմական սարսափի օրերուն, ժողովուրդը, ինչպէս եւ համալսարանը, բազմապիսի տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւած են։ «Ստիպուեցանք յաւելեալ դրամահաւաք կատարել կրթաթոշակներու համար եւ ջանացինք ամէն ինչ հաւասարակշիռ պահել։ Երախտապարտ ենք, որ համալսարանը շարունակած է խաղաղ ընթացք մը պահել կարելի բոլոր ձեւերով։ Առհասարակ, պիտի շարունակենք դրական ազդեցութիւն գործել ընկերութեան վրայ եւ ցոյց տալ, որ լիբանանահայ համայնքը ազգային կառուցման նպատակ ունի»», ըսաւ ան։