image
Հրատապ լուրեր:

Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ պիտի իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն

Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ պիտի իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն

Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ պիտի իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը։

Մէկ տարի առաջ դատախազը հաստատած էր անոր նկատմամբ հեռակայ վարոյթի մեղադրական եզրակացութիւնը (փողերու լուացում) եւ վարոյթի նիւթերու հետ յանձնեած հակակոռուպցիոն դատարան՝ հեռակայ դատաքննութեան: Միաժամանակ դատախազը մեղադրեալի նկատմամբ հեռակայ դատաքննութիւն իրականացնելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էր:

«2024 թուականի նոյեմբերի 29-ին դատարանը բաւարարել է դատախազի միջնորդութիւնը, ինչը նշանակում է, որ Սուրբ Աթոռում ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր նախկին դեսպանի նկատմամբ կ՚իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն»,–ըսուած է դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ: