Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ պիտի իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը։
Մէկ տարի առաջ դատախազը հաստատած էր անոր նկատմամբ հեռակայ վարոյթի մեղադրական եզրակացութիւնը (փողերու լուացում) եւ վարոյթի նիւթերու հետ յանձնեած հակակոռուպցիոն դատարան՝ հեռակայ դատաքննութեան: Միաժամանակ դատախազը մեղադրեալի նկատմամբ հեռակայ դատաքննութիւն իրականացնելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էր:
«2024 թուականի նոյեմբերի 29-ին դատարանը բաւարարել է դատախազի միջնորդութիւնը, ինչը նշանակում է, որ Սուրբ Աթոռում ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր նախկին դեսպանի նկատմամբ կ՚իրականացուի հեռակայ դատաքննութիւն»,–ըսուած է դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ: