image

Վաստակաշատ Գիտնականի Կեանքի Ուղին/ Աւետիս Ռազմիկ

Վաստակաշատ Գիտնականի Կեանքի Ուղին/ Աւետիս Ռազմիկ

(ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈԼԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

  Վերջերս լրացաւ ականաւոր արեւելագէտ, դոկտոր փրոֆեսոր Նիկոլայ Յովհաննիսեանի ծննդեան 85-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած շնորհաւորական ուղերձը կը հաստատէ թէ ան հեղինակաւոր եւ ծանրակշիռ ներկայութիւն մըն է հայրենական կեանքէն ներս՝ իր բազմաբեղուն ու բազմաժանր գործունէութեամբ ու վաստակով:

  Ո՞վ է այն ծանրախոհ գիտնականը, որ ամէն երեկոյ զբօսնելով Երեւանի փողոցներով՝ Սայաթ-Նովայէն Մաշտոց ու Քասքատ՝ իր յուշերուն հետ կը կրէ ժամանակակից հայ կեանքին հետ առնչուած գրուած-չգրուած դրուագներ, արաբական իրադարձութեանց հետ կապուած բազմաթիւ խճճուած հանգոյցներ եւ պետական-քաղաքական կեանքի բովէն անցած դէմքեր ու դէպքեր:

  Ան ծնած է 1930-ին Լենինական (Կիւմրի): 1953-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժինը: Ապա, խորացած է արեւելագիտութեան եւ յատկապէս արաբագիտութեան ոլորտէն ներս՝ արաբական աշխարհի զանազան հակամարտութիւնները դարձնելով խոր ուսումնասիրութեանց առարկայ: Ան իրաւամբ կը համարուի հայկական արաբագիտութեան դպրոցին հիմնադիրը:

  Տարիներու ընթացքին անոր վաստկած գիտական կոչումներուն, ստացած շքանշաններուն ու պատուոգրերուն եւ անդամակցած կազմակերպութիւններուն ու հաստատութեանց մօտաւոր թուարկումն իսկ հերիք է համոզուելու, թէ անոր կեանքի 85-ամեայ ուղին եղած է արդիւնաշատ ու աշխատանքով լի: Աւելին, հեղինակած մենագրութեանց երկար ցանկը, գիտական յօդուածներուն եւ դասախօսութեանց անսպառ ցուցակը ցոյց կու տան թէ ան առանցքային ներկայութիւն եղած է ոչ միայն Խորհրդային Հայաստանի, այլ՝ Խ. Միութեան մաշտապով:

  Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1968), փրոֆեսոր (1972), գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (2003), Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի թղթակից անդամ (2006). 1984-1994 թուականներուն եղած է Ակադեմիայի արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ, իսկ 1995-2006 թուականներուն՝ նոյն ինստիտուտի տնօրէն. 2006-էն նշեալ ինստիտուտի տնօրէնի խորհրդական, Միջին Արեւելքի միջազգային եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան բաժնի հիմնադիր-ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Դ. Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու ինստիտուտի պետի խորհրդական:

  Ան անդամ է տասնեակէ աւելի ակադեմիաներու եւ գիտական ընկերութեանց, ինչպէս՝ Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիա, «Արարատ» գիտութիւններու միջազգային ակադեմիա (Փարիզ), ազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներու գիտութիւններու միջազգային ակադեմիա (Մոսկուա), ազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներու գիտութիւններու համահայկական ակադեմիա (Երեւան), բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու միջազգային ակադեմիա (Գերմանիա), աշխարհի ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային ակադեմիա (Մոսկուա), Սուրիոյ արաբական գիտութեան պատմութեան ընկերութիւն, ԱՄՆ-ի ազգային աշխարհագրական ընկերութիւն, ցեղասպանագէտներու միջազգային ասոցիացիա, քաղաքական գիտութեան Հայաստանի ասոցիացիա եւ այլն: Քեմպրիճի (Անգլիա) միջազգային կենսագրական կեդրոնը 2004-ին անոր հռչակած է «21-րդ դարու ականաւոր գիտնական», 2005-ին՝ «Աշխարհի առաջատար գիտնական», իսկ 2009-ին ներառած «100 ամենաբարձրակարգ գիտնականներ»ու ցանկին մէջ:

  Ան անդամ է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջ-կառավարական համատեղ յանձնաժողովի հայկական մասի, Հայաստանի հակամարտութեանց լուծման կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, Հայ-ատլանտեան ասոցիացիայի նախագահ: Երկար տարիներ եղած է խորհրդային-արաբական բարեկամութեան ասոցիացիայի փոխ-նախագահ, հայ-արաբական բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու հայկական ընկերութեան նախագահ: Անոր աշխոյժ մասնակցութեամբ 2007-ին Գահիրէի համալսարանին մէջ հիմնուած է հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնը: Ան պարգեւատրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային գովեստագիրով, «Մովսէս Խորենացի», Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» եւ «Հայկական Զինուած Ուժեր 1992-2012», «Բարեկամութեան բնագաւառի ներդրման համար» (Մոսկուա) մետալներով, Հայաստանի կառավարութեան «Հայոց Մեծ Եղեռն» ոսկեզօծ մետալով, Ֆրիտիոֆ Նանսէն յուշամետալով, «Ղարաբաղեան շարժում» (ԼՂՀ), «Հայաստան-Եգիպտոս. 15 տարի. Դիւանագիտական յարաբերութիւններ» մետալներով, զանազան պատուոգրերով եւ այլն:

  Դոկտ. Փրոֆ. Ն. Յովհաննիսեանի վիթխարի վաստակին մէկ կարեւոր երեսը արեւելագէտներու պատրաստութիւնն է անկասկած: Ան եղած է գիտական ղեկավարն ու խորհրդատուն շուրջ 50 դոկտորական եւ թեկնածուական աւարտաճառեր պաշտպանած հայրենի թէ օտար արաբագէտներու, որոնք իր ցուցմունքներով եւ փորձառութեամբ հմտացած են արաբագիտութեան, Միջին Արեւելքի պատմութեան, քաղաքական իսլամի բնագաւառներէն ներս: Արեւելագէտներու սերունդ մը ամբողջ անցած է անոր շունչով, որոնք երախտագիտութեամբ կը յիշեն իր անմնացորդ նուիրումը հայրենի քատրեր պատրաստելու մէջ:

  Միւս կողմէ, ի մի բերելով իր գիտական աշխատութեանց երկար ցանկը, կարելի չէ չհիանալ այն ժառանգութեան, որ ան կտակած է գալիք սերունդներուն: Շուրջ 500 գիտական յօդուածներ եւ աւելի քան 80 մենագրութիւններ կը պատկանին անոր գրիչին (անոնցմէ շատեր լոյս տեսած են արտասահմանի մէջ՝ ԱՄՆ, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա, Ռուսաստան, Թուրքիա, Ճաբոն, Քորեա, Լիբանան, Սուրիա, Գանատա, Իրան, Եգիպտոս եւ այլն.): Միջին Արեւելքը իր լայն հասկացութեամբ հանդիսացած է անոր հետաքրքրութեան տեսադաշտը: Լաւապէս ըմբռնած է անոր դերն ու արժէքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար, իւրացուցած է զայն իր ամբողջ էութեամբ եւ հիմնախնդիրներով՝ Իրաք, Իրան, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւն, պաղեստինեան հարց, Լիբանան, Սուրիա, իսլամ եւ այլն: Գործերէն յիշենք՝ «Ազգային-Ազատագրական Պայքարը Իրաքում (1945-1963 թթ.) (1964), «Ազգային-Ազատագրական Պայքարը Լիբանանում» (1967), «Ազգային-Ազատագրական Շարժումը Իրաքում (1917-1958) (ռուս. 1976), «Անկախ Սիրիական Հանրապետութեան Ստեղծումը» (ռուս. 1968), «Իրան. Այաթոլլահ Խումէյնիի Դարաշրջանը» (2004): Սակայն, հիմնարար աշխատութիւնը կը մնայ «Արաբական Երկրների Պատմութիւն» քառահատորեայ (2004-2007) աշխատութիւնը, որ 2007-ին արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին եւ 2011-ին թարգմանուեցաւ արաբերէնի եւ հրատարակուեցաւ Հալէպի մէջ:

  Պատմաբան Ն. Յովհաննիսեան հեղինակն է նաեւ բազմաթիւ քաղաքական օգտաշատ աշխատութեանց. «Դիւանագիտութիւն» (1997), «Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը» (անգլ. 1998), «Ղարաբաղեան Կոնֆլիկտը» (անգլ. 2004): Հայկական Ցեղասպանութեան թեման եւս ընդգրկած է իր աշխատութեանց մէջ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառների Լուսաբանութիւնը Եւ Գնահատականը Արաբական ժամանակակից Պատմագրութեան Մէջ» (1996), «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (անգլ. 2005), «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Արմենոցիդ՝ Ամենացեղասպան Ցեղասպանութիւն» (2009) (լոյս տեսած 10 լեզուներով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, թրքերէն, ճաբոներէն, հունգարերէն, հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն), որ 2010-ին ստացած է Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան առաջին կարգի տիպլոմը: «Արմենոցիդը Ճանաչուած Ցեղասպանութիւն Է» (2010): Ան մասնակցած է նաեւ ընդհանուր պատմութեան (նորագոյն շրջան) դասագիրքերու պատրաստութեանց:

  Ն. Յովհաննիսեան եղած է եռանդուն պետական-քաղաքական գործիչ: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներէն ներս, ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի եւ Խորհրդային Միութեան տարածքին հանդէս եկած է դասախօսութիւններով, հանդիպումներով, մասնակցած գիտաժողովներու եւ հաստատած բազմաթիւ անձնական եւ պետական կապեր: Եղած է ջատագով հայ-արաբական բարեկամութեան, հայ համայնքներու զօրացման, վերլուծած ազգամիջեան հակամարտութիւններ, կարեւորած Հայաստանի կապերը արաբական աշխարհին հետ: Կառավարական պաշտօնական պատուիրակութեան կազմերով այցելած է Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Յորդանան, Լիպիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ այլն. հանդիպած Հաֆէզ Ասատի, Ս. Ֆրանժիէի, Արաֆաթի եւ ուրիշ նախագահներու հետ:

  Ուշագրաւ է Լիբանանի հայ համայնքին նկատմամբ իր հոգատար վերաբերմունքը, մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն: 1979-ին, երբ տեղի ունեցան յարձակումներ լիբանանահայութեան դէմ, ինք կը գտնուէր Լիբանան եւ որպէս Խորհրդային Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչ իր ազդու ներդրումը ունեցաւ հակահայ գրգռութեանց զսպման մէջ: Անոր հանդիպումները ՊԱԿ-ի ղեկավար Եասէր Արաֆաթի, «Ամալ» շարժման ղեկավարներէն Հուսէյն Հուսէյնիի հետ կը մնան յիշարժան դրուագներ: Այդ իրադարձութեանց շուրջ ան հրապարակեց «Լիբանանեան Ճգնաժամը Եւ Լիբանանի Հայ Համայնքի Դիրքորոշումը (1975-1982 թթ.) գրքոյկը (1982):

  Հակառակ յառաջացեալ տարիքին, ան կը մնայ գործունեայ եւ պատնէշի վրայ՝ երբ կարիքը զգացուի իր մասնակցութեան: Այսպէս, 2014 Յունիսին, Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած Սուրիոյ տագնապին նուիրուած միջ-կրօնական գիտաժողովին հանդէս եկաւ արժէքաւոր զեկուցումով. կամ՝ 2015-ին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ուղղուեցաւ Պաղտատ՝ իր հեղինակաւոր խօսքը ըսելու ցեղասպանութեան յատկացուած գիտական ժողովներու: Իր վերջին հատորը վերնագրուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հաստատուած Է Միջազգային Գիտական, Իրաւական Եւ Մարդու Իրաւունքների Հանրութեան Կողմից» (2015):

  Այնուամենայնիւ, վաստակաշատ գիտնականին ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով արեւշատութիւն կը մաղթենք անոր: Նաեւ շնորհակալութիւն իր պատկառելի եւ անուրանալի ներդրումին համար՝ մանկավարժական, ազգային-պետական, գիտական ու քաղաքական ծառայութեանց համար, ակնկալելով՝ որ իր հարուստ կենսապատումին յուշերը ամփոփուած կը տեսնենք օր մը հատորի մը մէջ, որ վստահաբար պիտի ըլլայ հաւաստի եւ օգտաւէտ վկայութիւն մը մեր ժամանակակից պատմութեան համար:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ