Ստեփանակերտի մէջ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշարձանի քանդումը՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ, պետական մակարդակով քաջալերուող եւ հրահրուող վանտալիզմի դրսեւորում մըն է։ Այս մասին Lenta.ru-ին յայտնած է Ռուսիոյ Պետական Տումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Կոնստանտին Զատուլինը։
Աւելի վաղ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Այվազովսքիի ծննդեան օրը քանդած են անոր յուշարձանը։
«Բացի այն փաստէն, որ ասիկա բարբարոսական արարք մըն է, ինչպէս շատ բարբարոսութիւններ, անկեղծ ըսած՝ յիմարութիւն եւ անխելքութիւն է։ Այվազովսքին համաշխարհային մակարդակով ճանաչցուած նկարչական հանճար մըն է, որ միայն մեր Ռուսական կայսրութեան մէջ չէ արժեւորուած, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Հայ մշակոյթի դէմ պայքարող այդ «փառահեղ» մարտիկները, որոնք այսօր կը գերիշխեն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, ըստ էութեան չեն սահմանափակուած միայն Այվազովսքիի յուշարձանի քանդումով։ Այժմ արդէն հասցուցած են պղծելու Չարդախլու հայկական գիւղէն սերող խորհրդային զինուորական նշանաւոր գործիչներու յուշարձանները, եւ սկսած են կրօնական յուշարձաններու ոչնչացման գործընթաց՝ մեծ թիւով խաչքարեր կործանելով», – ըսած է Զատուլինը։
Զատուլին շեշտած է, որ այսօր Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով մշակուող տեսութիւն մը գոյութիւն ունի, ըստ որուն՝ Ղարաբաղի տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային յուշարձանները իբր թէ հայկական ծագում չունին։ Խօսքը 6-րդէն մինչեւ 12-րդ դարու վանքերուն մասին է, մանրամասնած է ան։
«Երկրի իշխանութիւնները՝ կա՛մ աչք կը փակեն այս բոլորէն, կա՛մ ուղղակի կը քաջալերեն այս բարբարոսական արարքները», – եզրափակած է պատգամաւորը։