image

Ալիքեան. Մականուն՝ որ հոմանիշ է իր կեանքին

Ալիքեան. Մականուն՝ որ հոմանիշ է իր կեանքին

Անշուշտ քիչեր են որ կրցան գնահատել եւ պարտք նկատեցին բարձրացնել ու ապրեցնել բանաստեղծին անունը. մեր թերթի աշխատակիցներէն Սագօ Արեան տարիներ առաջ Բագինի մէջ գրած իր գրութեան մէջ կ'ըսէր.- «Այսօր Ալիքեան կ'ապրի իր մինակութեան ամենէն խոր պահերը՝ լռութեամբ, բացակայութեամբ եւ անտեսումով: Սակայն այս բոլորը չեն կրնար խանգարել աշխարհին ըսելու, որ ան մեր բանաստեղծութեան ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկն է, չըսելու համար ամենէն վառը, ամենէն աքսորականը, ամենէն բանաստեղծը» («Բագին», Յունուար-Փետրուար-Մարտ, 2012, Ծ. Տարի թիւ 1): Սագօ Արեան իր այս տողերը կը գրէր բանաստեղծին մահէն մօտաւորապէս տարի մը առաջ. բանաստեղծը իր կենդանութեան առանձին էր, հակառակ անոր որ որոշ շրջանակներու կողմէ յարգուած, սիրուած ու շրջապատուած էր սիրելիներով. ունէր աշակերտներ, զինք յարգող քիչ սակայն որակեալ մտաւորականներ, սակայն այդ բոլորով հանդերձ բանաստեղծը ինքզինք առանձնութեան մէջ կը զգար: 

 

Աշխարհի վրայ մարդիկ կան, որ հայերէն կը գրեն, սակայն կան նաեւ քիչեր՝ որոնք հայերէն կը ծնանին. ոմանք հայերէն կ'արտայայտուին, իսկ քիչեր հայերէն կ'ապրին, կը զգան եւ մինչեւ իսկ հայերէն կը մեռնին. քիչեր՝ որոնց ճամբով լեզուն մարմին ու հոգի, կեանք ու շունչ կը ստանայ: Քիչեր, որոնց համար լեզուն ո՛չ թէ հաղորդակցութեան միջոց, այլ ինքնութեան փարոս մըն է. քիչեր, որոնք հայերէնով կը պայքարին, հայերէնով կը ցաւին, հայերէնով կը սիրահարին եւ վերջապէս հայերէնով ալ կը մեռնին: Հիմա երբ կը փորձեմ գրել նման անձերու մասին, կը զգամ թէ ինչքա՜ն աղքատ է մեր հայերէնը, նման մարդոց տիպարը ներկայացնելու, որովհետեւ անոնց դիմաց մենք լեզուի վարձկաններ ենք, իսկ անոնք՝ տէրերը, որովհետեւ մենք բառերով պատկերներ ենք որ կը ստեղծենք, սակայն կենդանութեան շունչը տուողը անոնք են: 

Այդ քիչերէն մէկուն ծնունդ է այսօր. մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 1928 թուականին Հաթայի մէջ ծնած է բանաստեղծ ու թարգմանիչ Աբրահամ Ալիքեան: 

Իրականութեան մէջ Ալիքեանը իր իսկական մականունը չէ, սակայն լաւագոյն ընտրութիւն է նկարագրելու այն կեանքը, հոգեկան յոյզերն ու պոռթկումները որ ունեցած է Ալիքեան, որովհետեւ անոր գրիչը եւս ծովու ալիքներու պէս մէկ խաղաղած, մէկ փոթորկած են: 

Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք Ալիքեան Սայաթ Նովան է հայ բանաստեղծութեան, որ լաւագոյնս գիտէ օգտագործել իւրաքանչիւր վանկ, հնչիւն ու դարձուածք, ստեղծելով երաժշտութիւն մը, որ թէ՛ հոգեկան ապրումները եւ թէ՛ մայրենին կը բիւրեղացնէ, ծնունդ տալով բառերու որոնք մոռցուած մեր ժառանգութեան մաս կը կազմեն: 

Այսօր կը տեսնենք «բանաստեղծներ», որոնք բառարանները չարչրկելով կը փորձեն անոր մէջէն դուրս բերել բառ մը՝ իրենց բանաստեղծութեան որոշ չափով որակ ու հմայք տալու համար, սակայն Ալիքեան իր բնական մայրենիով կը ստեղծէ այդ հմայքը. մաքրամաքուր հայերէն մը՝ որ իր իսկ վկայութեամբ կը սորվի մօրմէն. Ալիքեանի մօր մասին այլ մտաւորականներ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ'ընեն.- «Կիլիկեան կիրճերն ի վար կարկաչով վազող ջինջ վտակն էր Ալիքեանի մօր Հայերէնը». շատեր կը մեղադրէին մեծ բանաստեղծը իր մեծամեծ բառերուն համար, շատ անգամ զանոնք նկատելով «բռնազբօսիկ», սակայն բանաստեղծը միշտ նոյն պատասխանը կու տար.- «Վեցամեան աւարտած մօրս բերնէն լսած եմ այս ամէնը: Չէք հաւատար՝ քրոջս հարցուցէք»: 

Անշուշտ, ամբողջութեամբ չէ՛ր որ սորված էր մօրմէն. տակաւին երիտասարդ տարիքին Լիբանանէն Հայաստան եւ ապա Հայաստանէն Ռուսիա գաղթած Ալիքեան մինակութեան մէջ չունէր ուրիշ ընկեր՝ քան գիրն ու գրականութիւնը, մայրենին. օտարութեան մէջ մայրենի լեզուի իմացութիւնը կորսնցնելու փոխարէն բիւրեղացուցած ու իր կատարելութեան հասցուցած էր, սակայն Ալիքեան կը գրէր ո՛չ թէ բանաստեղծ դառնալու համար. ունէր ցաւեր, ունէր պոռթկում, ունէր զայրոյթ՝ որ պարտէր դուրս հանել եւ լաւագոյն ձեւը բանաստեղծութիւնն էր: 

Անշուշտ հարազատները չէին ուզէր իր «բանաստեղծ» դառնալը. վերջապէս ի՞նչ էր բանաստեղծը ազգին համար. ունէր թրքախօս հայր մը, որ մի՛շտ կը յորդորէր բանաստեղծ ու գրող չի դառնալ.- «Գրող չըլլա՛ս, մեռնիս գրպանէդ սոխ ու սխտոր պիտի ելլէ» կ'ըսէր հայրը. եւ իրապէս որպէսզի գրող չի դառնայ իր զաւակը որպէս աշակերտ կը դնէ դերձակի եւ ապա սափրիչի մօտ: 

Իրականութեան մէջ արհեստի մէջ Ալիքեան այնքան ալ փայլուն չէր. «Քեզմէ Պօղոս Պետրոս դուր պիտի չելլէ» կ'ըսէին իր վարպետները. այս արտայայտութեան դիմաց Ենովք Լազեան կը գրէ.- «Պատիւ ու գնահատա՛նք ձեզի, ո՜վ մեր ազգի արհեստաւորներ. սափրիչ,կօշկակար եւ հացթուխ: Երախտապարտ եմ ձեզի որ քովերնիդ չէք պահած Մղտսի Խաչերեան Սարգիսին մանչը՝ անոր երեսին կոպտօրէն նետելով.- «Քեզմէ Պօղոս Պետրոս դուրս պիտի չելլէ». Բանաստե՜ղծ պիտի դառնար իր մօրը պէս»: 

Ալիքեանի ոճը դիւրին չէ, սակայն ինք կամաւոր ձեւով չէ՛ որ կը հարստացնէ իր բանաստեղծութիւնները սքանչելի բառերով.- ահաւասիկ անոր մտածումը հայ լեզուի մասին.- «Լաւ լեզուին մէջ հոմանիշներ գոյութիւն չունին. իսկ մեր լեզուն, կարծեմ ոչ թէ լաւ, այլ սքանչելի լեզու է: Խնդրեմ, տուէք ինծի ճիշդ, բոլորէն հասկնալի հոմանիշներ հետեւեալ երեւոյթ-բառերուն եւ ես այսուհետեւ ատոնք գործածեմ.- որմզդեղն, կնգում, թխպիտ... եւայլն»: 

Ալիքեան իր երիտասարդ տարիքէն սէր ունէր բանաստեղծութեան հանդէպ. իր դասընկերներու վկայութեամբ կը սիրէր բանաստեղծութիւններ կարդալ, եւ անոր ամենէն սիրելի բանաստեղծութիւններէն մէկուն տողը կ'ըսէր.- «Միայն լուռ մնալը վեհ է, մնացեալը ամբողջովին տկարութիւն». սակայն Ալիքեան միայն չի՛ սիրեց այս տողերը, այլ իր կեանքին մէջ իրագործեց. ամէ՛ն ցաւի, տառապանքի եւ անտեսումի դիմաց նախընտրեց լռել. շատ անգամ այդ ցաւերը գրելով արտայայտեց, որովհետեւ իր սիրած բանաստեղծութեան յաջորդ տողը կ'ըսէր.- «Ի վերջոյ ինծի նման տանջուէ՛ եւ մեռի՛ր առանց խօսելու...»: 

Անշուշտ (կարծես ինչպէս ամէ՛ն մտաւորականի պարագային) կեանքը Ալիքեանի հանդէպ արդար չեղաւ. հայ ազգը չի կրցաւ գնահատել մայրենի լեզուն աստուածացնող մտաւորականը եւ իր ծերութեան մէջ լքեց զինք. շատ լաւ կը յիշեմ, թէ անոր թաղման արարողութեան ներկաներուն թիւը կարելի է մատի վրայ համրել: 

Անշուշտ քիչեր են որ կրցան գնահատել եւ պարտք նկատեցին բարձրացնել ու ապրեցնել բանաստեղծին անունը. մեր թերթի աշխատակիցներէն Սագօ Արեան տարիներ առաջ Բագինի մէջ գրած իր գրութեան մէջ կ'ըսէր.- «Այսօր Ալիքեան կ'ապրի իր մինակութեան ամենէն խոր պահերը՝ լռութեամբ, բացակայութեամբ եւ անտեսումով: Սակայն այս բոլորը չեն կրնար խանգարել աշխարհին ըսելու, որ ան մեր բանաստեղծութեան ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկն է, չըսելու համար ամենէն վառը, ամենէն աքսորականը, ամենէն բանաստեղծը» («Բագին», Յունուար-Փետրուար-Մարտ, 2012, Ծ. Տարի թիւ 1): Սագօ Արեան իր այս տողերը կը գրէր բանաստեղծին մահէն մօտաւորապէս տարի մը առաջ. բանաստեղծը իր կենդանութեան առանձին էր, հակառակ անոր որ որոշ շրջանակներու կողմէ յարգուած, սիրուած ու շրջապատուած էր սիրելիներով. ունէր աշակերտներ, զինք յարգող քիչ սակայն որակեալ մտաւորականներ, սակայն այդ բոլորով հանդերձ բանաստեղծը ինքզինք առանձնութեան մէջ կը զգար: 

Անոր մահը գրականութեան համար մեծ կորուստ էր, սակայն հայ ժողովուրդը չի՛ նկատեց այդ մէկը. չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ կարելի չէր իր ժամանակին գտնել այնպիսի անձ մը որ մայրենին աւելի լաւ գործածել ու ստեղծագործել կարենար՝ քան Ալիքեանը եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ այսօր եւս կարելի չէ գտնել նման անձ մը՝ որ ստեղծագործէ այնպէս՝ ինչպէս կը ստեղծագործէր Ալիքեանը: 

Հայերէնի ուսուցիչ՝ Սարգիս Կիրակոսեան նկատի ունենալով Ալիքեանի մայրենիին հանդէպ ունեցած պաշտամունքը, յետ մահու անոր կորուստը կը նկարագրէ նոյնինքն Ալիքեանի պաշտելի բառերով ու ոճով.- «Խաւարը նահանջեց քառասմբակ եւ տիրեց յաղթական լոյսը: Եւ լոյսին յաւերժահունչ արշալոյսներուն հետ, Հայ լեզուի այս հեզահամբոյր, բայց մեծաշռայլ երկրպագուն ինքզինք ամենայն իրաւունքով հաստատեց մեր պաշտելի Մեծասքանչին ոգեղէն հայրենիքին մէջ»: Ինչքա՜ն տեղին գործածուած է «երկրպագու» բառը, որովհետեւ Ալիքեանի համար մայրենի լեզուն Աստուծոյ համազօր եւ կամ գուցէ մէկ աստիճան ալ աւելի բարձր ըլլար: 

Անշուշտ պէտք է նկատի ունենաք, որ Ալիքեան աշակերտած էր Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ ժամանակիցներ կը հաւատային, որ այս մեծութիւններ ո՛չ միայն կրթեցին Ալիքեանը, այլ անոր մէջ կրցան սերմանել իրենց տեսիլքները, իրենց նպատակներն ու իղձերը եւ Ալիքեան անոնց դեսպանը դարձաւ այս աշխարհի վրայ. Ալիքեան իրեն որպէս ուսուցիչ ընդունեց Մեծարենցը, Դուրեանը, Ինտրան, Դանիէլ Վարուժանը, Չարենցը եւ բազմաթիւ մեծութիւններ, որովհետեւ իր «աքսոր»ի առանձնութեան մէջ լոկ գիրքերն էին իր բարեկամները, որոնց հետ կ'անցնէր իր ամբողջ օրը: 

Շատեր կը հաւատային, որ Ալիքեան իր բանաստեղծութիւնները գրի առած ժամանակ կ'օգտուի այս կամ այն բառարանէն, որովհետեւ մարդկային միտքին համար հասկնալի չէր, թէ ինչպէս կրնար այս մեծութիւնը մեր մայրենիին տիրապետել այդքան վարժ, նմանը չունեցող կարողութեամբ մը: Ալիքեան ինքզինք որպէս բանաստեղծ չուզեց տեսնել, որովհետեւ ան ուզեց մի՛շտ աշակերտ մնալ, ուզեց մի՛շտ կատարելագործուիլ: 

Իր մեծութեան մասին խօսող մտաւորական մը ի՜նչ սիրուն ձեւով կը ներկայացնէ Ալիքեանն ու մայրենիի կապը.- «լեզուն իրենց համար եղաւ ո՛չ միայն պաշտամունքի եւ ուսումնասիրութեան մնայուն առարկայ ու բաց գիրք, այլեւ՝ ստեղծագործական նպատակակէտ: Ահա թէ ինչու մերթ յաղթակտրիճ, երբեմն հեզաճկուն, այլուր կոշտ ու կոպիտ, բայց յաւիտեանս յաւիտենից վեհասլաց ու առաքինազարդ մեր մայրենին միշտ ալ աւելի երիտասարդացաւ իր գրիչին տակ»: 

Անշուշտ շատեր թէ՛ օրին եւ գուցէ մինչեւ այսօր, կրնան «նեղանալ» թէ Ալիքեանի ոճը անհասկնալի է. իրականութեան մէջ Ալիքեան չի՛ գրեց որպէսզի ուրիշներու կողմէ հասկնալի ըլլայ. Ալիքեան գրեց ի՛նքն իր անձին համար. անոր ոճը անհասկնալի է, որովհետեւ նոյնքան անհասկնալի էր անոր ներաշխարհը. ոճը խիստ ու կոպիտ էր, որովհետեւ նոյն խստութիւնն ու կոպտութիւնը կեանքը ի գործ դրած էր անոր դէմ: Ան կը գրեր ի՛նքն իր անձին համար, ի՛ր ներաշխարհին հանգստութիւն տալու համար: Ան գրելով կը փորձել խօսիլ Մաշտոցին հետ, Վարուժանին հետ, Աստուծոյ հետ, շատ անգամ ի՛նքն իր անձին հետ, որովհետեւ մայրենին իր մէջ հոսող աղբիւր էր. ինք այդ աղբիւրը չէր կրնար բանտել: 

Եւ այսօր, անոր մայրենիին, լեզուի հանդէպ ունեցած իր սիրոյն դիմաց մենք մեզ փոշի կը նկատենք, անարժան տող մը գրելու. կը հաւատանք, որ արեւմտահակ գրականութեան մէջ ծնած արեւ մըն է Ալիքեան, որ լուսաւորեց ու ծակեցուց գրականութիւնը, սակայն ինք երբեք լուսաւորութեան չարժանացաւ: 

Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: 

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...