Միացեալ Նահանգները սահմանած է Իրանի դէմ մինչ օրս ամենամեծ պատժամիջոցներու փաթեթը, որ կը թիրախաւորէ աւելի քան 50 անհատ եւ իրաւաբանական անձ, ինչպէս նաեւ 50 նաւ, որոնք կապ ունին Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Ալի Շամխանիէի որդի՝ Մոհամմատ Հոսէյն Շամխանիէի հետ։
Ամերիկեան կողմի համաձայն՝ վերջինս կառուցած է հսկայական նաւատորմ մը՝ կազմուած լցանաւերէ եւ բեռնարկղային նաւերէ, որոնք Իրանէն եւ Ռուսիայէն աշխարհի տարբեր երկիրներ կը փոխադրեն նաւթ, նաւթամթերք եւ այլ ապրանքներ՝ ապահովելով միլիառաւոր տոլարի եկամուտ։
«Այսօրուան կիրառուած աւելի քան 115 պատժամիջոցները ամենամեծն են այն պահէն ի վեր, երբ Թրամփի վարչակազմը որդեգրեց Իրանի դէմ առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւնը», – ըսած է Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսենթը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Իրանը կը շարունակէ հրահրել հակամարտութիւններ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, եւ այդ պատճառով պատժամիջոցները ուղղուած են այն եկամուտներուն դէմ, որոնք ենթադրաբար կը գործածուին ապակայունացնող քայլերու համար։