image

Ինչ պայմաններու լոյսին տակ կրնայ վերաբացուիլ Թուրքիա- Հայաստան սահմանը. Թուրք դիւանագէտ

Ինչ  պայմաններու լոյսին տակ կրնայ վերաբացուիլ Թուրքիա- Հայաստան սահմանը. Թուրք դիւանագէտ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը կրնայ բացուիլ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը:

Աքկիւնը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները պէտք է դիտարկել համապարփակ ձեւով. «Երկու կարգաւորման գործընթացներն ալ զուգահեռ կ՚ընթանան։ 2022 թուականին նշանակուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ։

Յայտնի է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակ է 1993 թուականէն: Հայաստանը ելք չունի դէպի ծով, եւ ատկէ ամենաշատը կը տուժէ հայ ժողովուրդը։ Այս խաղաղութենէն բոլորը պիտի շահին, բայց ամենաշատը պիտի շահի Հայաստանը։

Մենք կ՚ուզենք արագցնել կարգաւորման գործընթացը։ Եթէ ստորագրուի կամ նախաստորագրուի կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր եւ կատարուին «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերող պայմանները, ապա թուրք-հայկական սահմանը կրնայ բացուիլ յարմար պահուն Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ խորհրդակցութիւններէ ետք: Այդ կախուած պիտի ըլլայ կարգաւորման գործընթացի զարգացման ընթացքէն»։