image

Մինաս Աւետիսեանի երկու արժէքաւոր կտաւները պիտի փոխադրուին իր ծննդավայր՝ Ջաջուռ

Մինաս Աւետիսեանի երկու արժէքաւոր կտաւները պիտի փոխադրուին իր ծննդավայր՝ Ջաջուռ

Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում» եւ «Խաչքարի մօտ» որմնանկարները Կառավարական տուն 1 հասցէի վարչական շէնքի նիստերու դահլիճէն պիտի տեղափոխուին Ջաջուռի մէջ գտնուող Մինաս Աւետիսեանի թանգարան («Հայաստանի ազգային պատկերասրահ» ՊՈԱԿ-ի մասնաճիւղ):

Այս մասին յայտնած են ԿԳՄՍ նախարարութենէն:

Որմնանկարներու տեղափոխման աշխատանքները սկսած են գարնան, եւ այդ նպատակով մշակուած է որմնանկարներու՝ հեռացման, մասնատման, տեղափոխման եւ նոր վայրի մէջ վերականգնման ծրագրային նախագիծ:

Որմնանկարներու՝ Մինաս Աւետիսեան թանգարան տեղափոխումն ու վերականգնումը պայմանաւորուած է նշեալ գործերը հանրայնացնելու անհրաժեշտութեամբ: Այն հնարաւորութիւն պիտի տայ որմնանկարները ցուցադրել թանգարանային միջավայրի մէջ՝ հեղինակի այլ ստեղծագործութիւններու հետ համատեղ, ինչպէս նաեւ հանրութեան համար հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի թանգարան այցելելով՝ տեսնել որմնանկարները:

Նշուած աշխատանքներու ֆինանսաւորման նպատակով ծրագրային նախագիծի հիման վրայ կազմուած է նախահաշիւ (փորձաքննուած), ապա սահմանուած կարգով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը 2025 թուականի յունիս 27-ին բաց ընթացակարգով յայտարարած է որմնանկարներու հեռացման, տեղափոխման եւ վերականգնման աշխատանքներու իրականացման մրցոյթ։ Մրցոյթի վերջնաժամկէտը 2025 թ․ յուլիս 1-ն է:

Յիշեցնենք, որ Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում» եւ «Խաչքարի մօտ» որմնանկարները ՀՀ կառավարութեան 2010 թ․ յունիս 17-ի N 734-Ա որոշման համաձայն՝ Գիւմրի քաղաքի «Ելեկտրատեխնիկական գործարան» ՓԲԸ-ի նախկին ճաշարանի շէնքէն տեղափոխուած են ՀՀ կառավարական N 1 շէնքի 3-րդ յարկի նիստերու մեծ դահլիճ եւ վերականգնուած՝ 1988 թ․ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով անմխիթար վիճակէն փրկելու նպատակով։