image

Սուրիոյ ԱԳ նախարարը «Սուրիան պատրաստ է համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ»

Սուրիոյ ԱԳ նախարարը «Սուրիան պատրաստ է համագործակցիլ  Ռուսիոյ հետ»

Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները շահագրգռուած են Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւն հաստատելով՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, այս մասին Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին։

«Այսօր մենք կը ներկայացնենք նոր Սուրիա եւ, ի հարկէ, շահագրգռուած ենք մեր երկիրներու միջեւ ճիշդ փոխգործակցութիւն եւ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով, որոնք պիտի հիմնուին համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ», — նշած է ան։

Ան ընդգծած է, որ «ներկայ ժամանակաշրջանը լի է բազմաթիւ մարտահրաւէրներով եւ սպառնալիքներով, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ հնարաւորութիւն մըն է միասնական եւ ուժեղ Սուրիա մը կառուցելու»։

«Եւ ի հարկէ, մենք կ՚ուզենք, որ Ռուսիան մեզի հետ ըլլայ այս ճանապարհին վրայ», — աւելցուցած է Շիպանին։

Սուրիացի նախարարը նաեւ նշած է, թէ «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմական բնոյթ ունին, սակայն կան որոշ հանգամանքներ, որոնք որոշիչ դեր կ՚ունենան եւ շարունակաբար կը դժուարացնեն այդ յարաբերութիւնները»։

Իր կարգին, Լաւրով նշած է, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անցումային ժամանակաշրջանի գործընթացներուն»։ «Մենք անկեղծօրէն կը ցանկանք, որ Սուրիոյ ժողովուրդը՝ որուն հետ մեզ կը կապեն երկարամեայ բարեկամութիւն, յաղթահարէ առկայ մարտահրաւէրները եւ ամբողջովին կարգաւորէ իրադրութիւնը», — ըսած է Լաւրովը։

Ան յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի կարենայ մասնակցիլ Ռուսիա–Արաբական պետութիւններու Լիկա առաջին գագաթնաժողովին, որ նախատեսուած է հոկտեմբեր 15-ին։