Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոռիի մարզ այցի երկրորդ օրը եղած է Ախթալա, ծանօթացած է կամուրջի վերականգնման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն:
Նախորդ տարի տեղի ունեցած հեղեղումներուն հետեւանքով ինքնաշարժներու նախատեսուած կամուրջի առանձին մասերը մասնակի կամ ամբողջական քայքայուած են եւ այն պիտանի չէ եղած շահագործման: Փոխարէնը կառուցուած է Մ-6-ը Ախթալայի հետ կապող պողպատէ ձողերով ժամանակաւոր նոր 2-րդ կամուրջը։
Ժամանակաւոր կամուրջի կառուցման պիւտճէն կը կազմէ 53 միլիոն դրամ։ Պողպատէ 2-րդ կամուրջով նախատեսուած է լուծել նաեւ բեռնատար փոխադրային միջոցներով երթեւեկութեան հարցը, որ պիտի ունենայ առաւելագոյնը 40 թոն բեռնատարողունակութեամբ փոխադրային միջոցներու անցման հնարաւորութիւն:
Ապա վարչապետին ներկայացուած են Քարկոփ բնակավայրի կամուրջի վերականգնման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները: Տեղադրուած է ժամանակաւոր մետաղական կամուրջ՝ Յունաստանի կառավարութեան նուիրատուութեամբ։ Կրկին հեղեղումներու հետեւանքով ինքնաշարժներու նախատեսուած կամուրջի առանձին մասերը մասնակի կամ ամբողջական քայքայուած են եւ պիտանի չէ եղած հետագայ շահագործման։
Երկրի ղեկավարը Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրեասեանի եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանի ուղեկցութեամբ այցելած է նաեւ Տաւուշի մարզի Բերդաւան բնակավայրի Ղալինջաքար ամրոցը: