«Կամք» նախաձեռնութեան ղեկավար եւ աքթիւիսթ Վահագն Չախալեանը 2 ամիսով կալանաւորած են։ Այս մասին յայտնած է անոր որդին` Ռուբէն Չախալեանը։
Յիշեցնենք, որ երէկ ՔԿ-էն յայտնած էին, որ Վահագն Չախալեանը ձերբակալուած է։
««Սրբազան պայքար» անուանումով շարժման ղեկավարների եւ մասնակիցների կողմից ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթով քննիչի միջնորդութեան հիման վրայ կայացուած դատախազի որոշմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 43-419–րդ յօդուածի 1–ին մասով եւ 43-308–րդ յօդուածի 1–ին մասով քրէական հետապնդում է յարուցուել Վ. Չ.-ի նկատմամբ։
Վերջինս ձերբակալուել է՝ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու համար դատարան ներկայացնելու նպատակով»,-նշած է Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Կիմա Աւդալեանը։