image

Դաւիթ Ղազինեանը երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ

Դաւիթ Ղազինեանը երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանը կալանաւորուած է 2 ամիսով։ ՀՀ հակափտածութեան դատարանը բաւարարած է Հակափտածութեան կոմիտէի ներկայացուցած միջնորդութիւնը։

Յունիսի 17-ին ԿԸՅ-ն բաւարարեց դատախազութեան միջնորդութիւնը եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանը զրկեց անձեռնմխելիութենէն՝ թոյլ տալով անոր նկատմամբ քրեական հետապնդում իրականացնել։ Ըստ Հակափտածութեան կոմիտէի՝ Ղազինեանը կը կասկածուի ընտրակաշառք տալու մէջ:

Ղազինեանը հերքած է մեղադրանքները՝ պնդելով, որ որեւէ մէկուն գումար չէ տուած։ Անոր խօսքով՝ շրջանառուող ձայնագրութեան մէջ իրաւական գնահատականի ենթակայ որեւէ հանգամանք չկայ: