image

Վաղը՝ Հայաստանի մէջ, համընդհանուր «Սուգի Օր»

Վաղը՝ Հայաստանի մէջ, համընդհանուր «Սուգի Օր»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ,  17 եւ 18 Օգոստոս,  2022-ը, Հայաստանի մէջ, «սուգի օր» կը յայտարարուի ՝  ի յիշատակ, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ զոհուած քաղաքացիներուն։

Յիշեցնենք, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ, 14 Օգոստոսին տեղի ունեցած պայթիւնին հետեւանքով կայ 16 զոհ։ Անհետ կորած 3 քաղաքացի կայ, որոնցմէ մէկը՝ Իրանի, միւսը՝ ՌԴ քաղաքացի է։ Տուժածներուն ընդհանուր թիւը 61 է։ Տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, իրենց բուժումը տակաւին կը շարունակեն ստանալ  7 քաղաքացիներ։