Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ, 17 եւ 18 Օգոստոս, 2022-ը, Հայաստանի մէջ, «սուգի օր» կը յայտարարուի ՝ ի յիշատակ, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ զոհուած քաղաքացիներուն։
Յիշեցնենք, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ, 14 Օգոստոսին տեղի ունեցած պայթիւնին հետեւանքով կայ 16 զոհ։ Անհետ կորած 3 քաղաքացի կայ, որոնցմէ մէկը՝ Իրանի, միւսը՝ ՌԴ քաղաքացի է։ Տուժածներուն ընդհանուր թիւը 61 է։ Տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, իրենց բուժումը տակաւին կը շարունակեն ստանալ 7 քաղաքացիներ։