image

Ծանր արկած Սիւնիքի մէջ. Իրան մեկնող մարդատար կառքը ձորը գլտորած է.Կան զոհեր (Լուսանկար)

 Ծանր արկած Սիւնիքի մէջ. Իրան մեկնող մարդատար կառքը ձորը գլտորած է.Կան զոհեր (Լուսանկար)

27  Ապրիլին Հայաստանէն դէպի Իրան մեկնող մարդատար կառքը ձորը գլտորած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց հայրենի ԶԼՄ-ներէն։

Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է Սիւնեաց Վերին Խոտատան գիւղին մէջ, որուն հետեւանքով ալ տուժած են տասնեակ ուղեւորներ։

 Ըստ վերջին տուեալներուն զոհուած են 4 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը կը գնահատուի քսանով։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ մարդատար կառքը կը կրէր իրանեան համարանիշներ։