27 Ապրիլին Հայաստանէն դէպի Իրան մեկնող մարդատար կառքը ձորը գլտորած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց հայրենի ԶԼՄ-ներէն։
Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է Սիւնեաց Վերին Խոտատան գիւղին մէջ, որուն հետեւանքով ալ տուժած են տասնեակ ուղեւորներ։
Ըստ վերջին տուեալներուն զոհուած են 4 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը կը գնահատուի քսանով։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ մարդատար կառքը կը կրէր իրանեան համարանիշներ։