image

Ծանր արկած Կոտայքի մարզին մէջ. Կան տուժածներ

Ծանր արկած Կոտայքի մարզին մէջ. Կան տուժածներ

Յունուար 28-ին, խոշոր վթար տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզի մէջ։ Ժամը 19։10-ի սահմաններուն Երեւան-Սեւան ճանապարհէն դէպի Հրազդան քաղաք տանող հատուածին՝ Հայ Ֆիտայիներ փողոցին մէջ՝ արագաչափի հարեւանութեամբ, բախած են Toyota Corolla եւ Honda CRV մակնիշի մեքենաները։ 

Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, վթարի հետեւանքով 4 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Հրազդան» բժշկական կեդրոն։Վիրաւորներուն առաջինը օգնութեան հասած են քաղաքացիներն ու արագ ժամանած «Հրազդան» բժշկական կեդրոնի շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբերը։

Ֆոթոլրագրողը յայտնած է, որ Honda-ն հաշուառուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի «Մուրացան» հիւանդանոցային համալիրի հաշուեկշռին մէջ եւ նշուած հիւանդանոցի բժշկուհի Մերի Խաչատրեանը կը մեկնէր նորածին մը մարզէն Երեւանի բժշկական կեդրոն տեղափոխելու համար։

Մեքենայի լուսային փարոսիկները եղած են միացուած, երբ անոր ու Toyota-ի միջեւ ճակատային բախում տեղի ունեցած է։

Վիրաւոր բժշկուհին հրաժարած է բժշկական օգնութենէն եւ մարմնական վնասուածքներով մեկնած է նորածնի տուն, երեխային փողակամուծում իրականացուցած է եւ մէկ այլ շտապօգնութեան մեքենայով երեխան տեղափոխել տուած է «Մուրացան» բժշկական կեդրոն, իսկ ետքը բժիշկ Մ․ Խաչատրեանը տեղափոխած են հիւանդանոց։