image

Երեւանի մէջ մեքենաներ բախած են․ կան տուժածներ

Երեւանի մէջ մեքենաներ բախած են․ կան տուժածներ

Այսօր՝ փետրուար 4-ին, խոշոր ու շղթայական մեքենաներու արկած տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 02:10-ի սահմաններուն Խանճեան 19 հասցէի մօտ բախած են «Nissan», «Toyota», «VAZ» եւ կայանած «Lexus» մակնիշներու մեքենաները․ որու հետեւանքով 2 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են Երեւանի տարբեր հիւանդանոցներ։

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, վարորդները ենթարկուած են սթափութեան փորձաքննութեան, պարզուած է, որ վարորդներէն Էդուարդ Պ.-ն եղած է ոչ սթափ եւ վարորդական իրաւունքի վկայական ալ չէ ունեցած։