Եգիպտական լրագրողական աշխարհին մէջ մեծ ճանաչում ունեցող Հասան Ալլամ այս շաբթուան իր ամբողջ սիւնակը նուիրած է հայութեան։
Այս մասին կը տեղականանք Գահիրէի Հայ Դատի ներկայացուցիչ՝ Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի դիմատետրեան էջէն։
Մազլումեան, որ հանգամանաւոր կերպով անդրադարձ մը կատարած է «Ալ Լիուա ալ իսլամի» («Իսլամական դրօշակ») թերթին մէջ լոյս տեսած նիւթին մասին նախ շնորհակալութիւն յայտնած է յայտնի լրագրողին իր այս բացառիկ նախաձեռնութեան համար շեշտելով նաեւ, որ Հայ-Եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւնները ունին պատմական խորք եւ անցեալ։ Նշենք նաեւ, որ լրագրողը իր նիւթին մէջ (ի դէպ անոր էջը կը կոչուի ՝«Ըսելիք ունիմ») մանրամասն կերպով փորձած է ներկայացնել հայութեան ունեցած դերակատարութիւնը Եգիպտոսի եւ մասնաւորապէս Գահիրէի մէջ վկայակոչելով այն գործիչները, որոնք կը համարուին Եգիպտոսի արդի պատմութեան կերտիչներէն, ինչպիսին են Պօղոս Նուպար Փաշա եւ ուրիշներ։
Ալլամ նաեւ ներկայացուցած է Գահիրէի այսօրուան հայկական համայնքին ընդհանուր իրավիճակը նշելով, որ Եգիպտացի ժողովուրդը մեծ յարգանք եւ սէր կը տածէ հայութեան հանդէպ եւ այս յարաբերութիւնը կայացած է փոխստախութեան, հայ տարրին խոնարհ, ծառայասէր եւ մանաւանդ պարկեշտ ըլլալուն համար։
Ալլամ նաեւ բարիով անդրադարձած է Եգիպտահայ յարգուած գործիչ Տօքթ. Արմէն Մազլումեանի դերին մասին նշելով նաեւ, որ մեր հայրենակիցը կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ ամրացնելու համար Հայ- եգիպտական բարեկամական կապերը եւ ամրացնելով Երեւանի եւ Գահիրէի միջեւ առկայ բազմապիսի կամուրջներն ու յարաբերութիւնները։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի