image

Լիզպոնի մէջ. «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ընդհանուր խորագրով ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Լիզպոնի մէջ. «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ընդհանուր խորագրով ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան Մատենդարանի կառուցման վերաբերող արխիւները մեկնակէտը եղան ցուցահանդէսի մը, որ կ'անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացապ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դիմատետրեան էջէն։

Լիզպոնի Հայկական համայնքներու վարչութիւնը եւ Կիւլպէնկեան Արուեստի Գրադարանը եւ Արխիւը համատեղ կազմակերպած են «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքի հազարամեայ պատմութիւնը։ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է՝ անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան տունը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նորայայտ փաստաթուղթերէն ընտրանի մը՝ Կիւլպէնկեանի եւ ժամանակի պատրիարքներու նամակագրութեանց, եկեղեցւոյ կրօնական իրեր, Երուսաղէմէն փոխառուած հազուագիւտ եւ եզակի յախճապակեայ կտորներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն փոխառուած Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի՝ Սուրբ Գլխադրի մատրան 18-րդ դարու ասեղնագործ վարագոյր մը Նախիջեւանէն, զոր Լիզպոն փոխադրեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարանի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեան, անձամբ ներկայ գտնուելով նաեւ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան մշտապէս ամուր հոգեւոր կապ ունեցած է Սուրբ Քաղաքին հետ եւ զգալի բարեգործական ծրագիրներ իրագործած է Սուրբ Աթոռէն ներս, մինչեւ իսկ իր ծնողներու՝ Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեաններու յիշատակին կառուցած է Կիւլպէնկեան Մատենադարանը։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը կը շարունակէ իր հիմնադրին աւանդութիւնը՝ աջակցելով Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան Մատենադարանին եւ Հայոց Պատրիարքութեան։

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 20 Յունիսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 22 Սեպտեմբեր, 2024, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Արուեստի Գրադարանի Ատրիումի մէջ