Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Յարգելի Նիկոլ Վլատիմիրի
Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են բարեկամութեան եւ հոգեւոր մտերմութեան դարաւոր աւանդոյթներու վրայ: Կ'ակնկալեմ, որ յաջորդ տարի մենք կը շարունակենք համատեղ աշխատանքը ռուս-հայկական դաշնակցային կապերու եւ ամենատարբեր ոլորտներում կառուցողական համագործակցության, ինչպես նաեւ եւրասիական ինտեգրացիոն գործընթացներու շրջածիրէն ներս փոխգործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ: Այն, ի հարկէ, կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն:
Կը մաղթեմ Ձեզի, Ձեր ընտանիքին եւ մերձաւորներուն քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»: