image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոսիա. ՍԴՀԿ պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Թիմվոյի գերեզմանատուն

Նիկոսիա. ՍԴՀԿ պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Թիմվոյի գերեզմանատուն

Օրերս Կիպրոսի ՍԴՀԿ Պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Նիկոսիոյ Թիմվոյի գերեզմանատուն, ուր կը ննջեն Կիպրոսի համար պայքարած հերոսները։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ համացանցէն։

Ստորեւ տրուած տեղեկատւութիւնը՝

Կիրակի, 20 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի շրջանի Վարիչ մարմինի ընկերներ յարգանքի այցելութիւն մը կատարեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Թիմվոյի գերեզմանատան յուշադամբանին, ուր ննջած են Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոս (1974-ին)ներխուժման ընթացքին ինկած նահատակ բանակայինները:

Ընկերներ այցելութիւն տուին, աղօթք մրմնջեցին եւ խունկ վառեցին այդ արշաւանքի ընթացքին նահատակուած յունահայ զինուոր Բարսեղ Պիպէրեանի շիրիմին:

Ընկերներ, ոգեկոչելով յիշատակը հերոսաբար ինկածներուն, շեշտեցին հայ-կիպրական եղբայրութեան անկեղծութիւնն ու անքակտելիութիւնը: