image

Պոլիս. Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու կարեւոր մրցանակ շահեցաւ

Պոլիս. Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու կարեւոր մրցանակ շահեցաւ

Պոլսահայ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, իր մօր՝ երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի ընկերակցութեամբ, Աթէնքի Ֆիլիփոս Նաքաս երաժշտանոցի մէջ մասնակցած է «Պախն ու ճազ երաժշտութիւնը» կարգախօսով դաշնակի միջազգային մրցաշարքի մը, եւ իր տարիքային խումբի մէջ ամենաբարձր նիշը հաւաքելով, արժանացած է մրցաշարքի երկրորդութեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի յաջողութիւնները մեր սիրտերը կը խայտացնեն բերկրալի զգացումներով։ Յաջողութիւններու ճամբան որ բացուած է Պարէտի աշխատասիրութեան եւ բնատուր տաղանդի շնորհիւ, կը զարդարուի նորանոր մրցանակներով, ի յայտ դարձնելով թէ ինչպէս «կը ձեւաւորուի» յաջողութեան բանալին։

2-7 Յուլիսին, Պարէտ, իր մօր՝ երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի ընկերակցութեամբ, Աթէնքի Ֆիլիփոս Նաքաս երաժշտանոցի մէջ մասնակցեցաւ «Պախն ու ճազ երաժշտութիւնը» կարգախօսով դաշնակի միջազգային մրցաշարքի մը։ Մեր սիրելի դեռահասը, իր տարիքային խումբի մէջ ամենաբարձր նիշը հաւաքելով, արժանացաւ մրցաշարքի երկրորդութեան։ 

Դատակազմի անդամները այնքա՜ն տպաւորուած էին Պարէտի ելոյթէն, որ հրաւէր ուղղելով առաջարկեցին յառաջիկային համերգ մը սարքել Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ։

Պարէտի ուսուցիչն է Փրօֆ. Պուրճու Ուրկուն, որու 5 սաներն ալ լաւ արդիւնքներ քաղեցին այս մրցաշարքին, հպարտութիւն պատճառելով թէ՛ իրենց երաժշտական վարժարանին, թէ՛ երկրին։

Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Պարէտը եւ իր սիրասուն ծնողները։