Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուող որեւէ յարձակողական զէնք կրնայ ստիպել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, նոյնիսկ եթէ այդպիսի զէնքերը՝ ներառեալ հրթիռները, որոնք կրնան խոցել Ռուսիոյ տարածքի խորքերը, չօգտագործուին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին՝ Newsmax-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
«Նախագահ Թրամփը, ամբողջ Ամերիկան եւ Եւրոպան գիտեն, որ մենք խաղաղութիւն կ՚ուզենք եւ պատերազմի աւարտ։ Բայց ռուսերը միայն ուժով կը հասկնան։ Այնպէս որ՝ միայն ուժեղ պատժամիջոցներ եւ միայն ուժեղ զէնք։ Մենք պատրաստ ենք գործողութիւններու, ուժի ցուցադրման», – ըսած է Զելենսքին։
Ան նշած է նաեւ, թէ Փութինը բանակցութեան սեղանի շուրջ կը բերէ միայն ուժի ցուցադրումը։
«Կը յիշեմ, որ մենք ունէինք հզօր զսպման փաթեթ՝ նախքան նախագահ Թրամփի նախագահ դառնալը։ Ես կ՚ուզէի, որ Ամերիկան մեզի վաճառէր այդպիսի փաթեթ մը։ Բայց այդ տեղի չունեցաւ։ Մենք քննարկած ենք այդ հարցերը նախագահ Թրամփի հետ։ Ես իսկապէս կ՚ուզէի, որ մենք ուժեղ ըլլայինք։ Ուժի ցուցադրումը կը ստիպէ Փութինը նստիլ բանակցութեան սեղանի շուրջ։ Փաստ չէ, որ պէտք է այդ ուժը օգտագործենք, բայց եթէ Ռուսիոյ համար յայտնի ըլլայ այդ ուժի գոյութիւնը, այդ արդէն իսկ հզօր փաստարկ մըն է՝ պատերազմը դադրեցնելու համար», – աւելցուցած է Ուքրանիոյ նախագահը։
Յուլիս 15-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Սպիտակ Տան ղեկավար Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Քիեւը պէտք չէ Մոսկուան դարձնէ ուքրանական հարուածներու թիրախ։
Իսկ յուլիս 14-ին Թրամփ յայտարարած էր, որ մեծ քանակութեամբ զէնք կը տրամադրէ Ուքրանիոյ, ներառեալ Patriot համակարգերը։ Այդ զէնքերու համար պիտի վճարեն Եւրոպական երկիրները։ Ան նաեւ նշած էր, որ եթէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան լուծում չգտնուի 50 օրուան մէջ, Միացեալ Նահանգները երկրորդական մաքսատուրքեր պիտի սահմանէ Ռուսիոյ նկատմամբ։