Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ հեռախօսազրոյցներ պիտի ունենայ իր ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հետ՝ Իսթանպուլի մէջ Ուքրանիոյ հարցով անոնց հանդիպման հնարաւորութեան շուրջ:
«Մենք կրնանք այս շաբաթ բանակցութիւններ վարել Փութինի եւ Թրամփի հետ՝ քննարկելու Իսթանպուլի մէջ առաջնորդներու հանդիպում կայացնելու հնարաւորութիւնը: Մենք պիտի ձգտինք ատոր», - լրագրողներուն ըսած է ան՝ մեկնաբանելով յուլիս 23-ին Իսթանպուլի մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի ունեցած ուղիղ բանակցութիւններու երրորդ փուլի արդիւնքները։