Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցային խումբերը Իսթանպուլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ սկսած են քննարկել երկու երկիրներու առաջնորդներուն հնարաւոր գագաթնաժողովը, հաղորդած են Reuters եւ AFP: Ուքրանիոյ առաջնորդը յայտնած է այս հարցով որոշակի առաջընթացի մասին:
«Անոնք սկսան այս հարցը քննարկել մեր հետ բանակցութիւններուն ընթացքին։ Այս արդէն առաջընթաց է որոշակի հանդիպման ձեւաչափի ուղղութեամբ», - AFP մէջբերած է Վլատիմիր Զելենսքիէն։
Իսթանպուլի մէջ ուղիղ բանակցութիւններու երրորդ փուլէն յետոյ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի յայտարարած է, որ նման հանդիպում հնարաւոր է միայն այն փուլին, երբ խաղաղ կարգաւորման մասին համաձայնագիրն արդէն պատրաստ է ստորագրման։
Ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուսթեմ Ումերով բանակցութիւններէն յետոյ յայտարարած է, որ առաջնորդներու մակարդակով հանդիպումը «կրնայ իրական քաղաքական առաջընթաց ապահովել»։
Վլատիմիր Զելենսքի ըսած է, որ նման գագաթնաժողովի քննարկումը ուքրանական պատուիրակութեան ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկն է ռուսական կողմի հետ հանդիպման ժամանակ։ Քրեմլին արդէն իսկ նման հանդիպումը վաղաժամ անուանած է, մինչեւ կողմերը չհամաձայնեցնեն խաղաղութեան համաձայնագրի պայմանները։