Ռուսիոյ երէկուան յարձակումէն ետք, Քիեւի մէջ բոլոր որոնողափրկարարական աշխատանքները աւարտած են։ Ներկայ պահուն յայտնի է 31 զոհի մասին, որոնց շարքին կայ հինգ երեխայ։ Այս մասին իր թելեկրամեան ալիքով տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
Զոհերէն ամենափոքրիկը երկու տարեկան է։
«Կ՚արտայայտեմ իմ ցաւակցութիւնը զոհուածներու ընտանիքներուն եւ մերձաւորներուն։ Վիրաւորուած է 159 անձ, որոնցմէ 16-ը՝ երեխաներ։ Բոլորն ալ այժմ կը ստանան անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ փրկարարներուն, ոստիկաններուն, բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, հաւաքարար ծառայութիւններու աշխատակիցներուն՝ բոլոր անոնց, որոնք այս պահուն կ՚օգնեն մարդոց։ Այդ իսկապէս շատ կարեւոր է։
Ռուսիոյ հերթական այս ստոր յարձակումը ցոյց կու տայ, որ պէտք է աւելի՛ խիստ ճնշում գործադրել Մոսկուայի վրայ եւ նոր պատժամիջոցներ սահմանել։ Թէեւ Քրեմլը կը ժխտէ անոնց արդիւնաւէտութիւնը, սակայն պատժամիջոցները կը գործեն եւ պէտք է ըլլան աւելի ուժեղ՝ հարուածելով ամէն բան, որ կը նպաստէ նման յարձակումներու շարունակման։ Շատ կարեւոր է, որ աշխարհը չլռէ այս յարձակումներուն մասին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կ՚օգնեն մեր ժողովուրդին։ Մենք կը գնահատենք, որ նախագահ Թրամփը, Եւրոպայի առաջնորդները, ինչպէս նաեւ մեր միւս գործընկերները, ճիշդ կը հասկնան՝ ի՛նչ կը պատահի, եւ կը դատապարտեն Ռուսիան»,– գրած է երկրի նախագահը։
Ան աւելցուցած է, որ միայն Յուլիս ամսուն Ռուսիան Ուքրանիոյ դէմ օգտագործած է աւելի քան 5,100 կառավարուող օդային ռումբ, աւելի քան 3,800 «Շահետ» տեսակի անօդաչու, մօտ 260 տարբեր տեսակի հրթիռ, որոնցմէ 128-ը՝ պալիսթիք։