Թուրքիոյ Էլազիկ շրջանին մէջ գտնուող ածխահանքին մէջ փլուզում տեղի ունեցած է, հաղորդած է «Հապեր Կլոպալ»ը։
Դէպքի պահուն հանքին մէջ աշխատողներ եղած են։ Փրկարարական գործողութիւն կ՚ընթանայ։
Տեղեկատւութեան համաձայն՝ դէպքի վայր կանչուած են արտակարգ իրավիճակներու, շտապօգնութեան եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներ։