image

Տիարպէքիրի մէջ պայթում. կան վիրաւորներ

Տիարպէքիրի մէջ պայթում. կան վիրաւորներ

Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Տիարպէքիր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է պայթում. կայանած մեքենան պայթած է այն պահուն, երբ անոր կողքով անցնած է ոստիկանական հանրակառքը։ Այս մասին 16 դեկտեմբերին յայտնած է Haber Turk հեռուստաալիքը։

Միջադէպը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով 05:10-ին: Պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է ութ ոստիկան եւ մէկ քաղաքացիական անձ։ Տուժածները տեղափոխուած են հիւանդանոց։

Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուի խօսքով՝ պայթումի կազմակերպման համար կասկածուող երկու անձ բերման ենթարկուած է։

Ինչպէս նշած են տեղական իշխանութիւնները Twitter-ի էջին, միջադէպը որակուած է որպէս ահաբեկչութիւն։