Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցին արձագանգած է շարք կը ատրպէյճանական եւ ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող թեմային, որ Ատրպէյճանը Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւն կը նախապատրաստէ:
Պատասխանելով լրագրողի հարցին առ այն, թէ այդ պարագային ինչ կ'ըլլայ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու արձագանգը, Զախարովան նշած է. «Խաղաղապահներու գործողութիւնները պիտի համապատասխանեն գետնի վրայ իրավիճակի զարգացման։ Անոնք պիտի երթան երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հունով»:
Ռուսիան կը պահպանէ շփումները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի լիցքաթափման նպատակով։ Այդ շփումները, դիւանագէտին խօսքով, կը շարունակուին ե՛ւ քաղաքական մակարդակով, ե՛ւ խաղաղապահ միաւորման միջոցով։
«Եւ, ի հարկէ, շատ բան կախուած է կողմերէն, անոնց քաղաքական կամքէն եւ միմեանց դէմ-յանդիման երթալու պատրաստակամութենէն: Մենք մեր կողմէ կը ներդնենք բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը», վստահեցուցած է Զախարովան: