image

Թուրքիան կ՚ուզէ միանալ ՊՐԻՔՍ-ին

Թուրքիան կ՚ուզէ միանալ ՊՐԻՔՍ-ին

Թուրքիան կ՚ուզէ միանալ ՊՐԻՔՍ-ին (միջպետական միութիւն՝ բաղկացած ինը պետութենէ՝ Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ, ԱՄԷ, Իրան, Եգիպտոս եւ Եթովպիա), այդ հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ մէջ կայանալիք նախարարներու հանդիպման։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, յայտնած է South China Morning Post (SCMP):

«Ի հարկէ, մենք կը ցանկայինք դառնալ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ: Տեսնենք, թէ ինչի կարնանք հասնիլ այս տարի»,- նշած է դիւանագէտը։

Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը Փեքինի մէջ կայացած միջոցառման ժամանակ ընդգծած է, որ կ՚ակնկալէ մասնակցիլ Ռուսիոյ մէջ ՊՐԻՔՍ-ի նախարարներու հանդիպման՝ քննարկելու ՆԱԹՕ-ի անդամ հանդիսացող Թուրքիոյ անդամակցութեան հնարաւորութիւնը։