image

Թուրքիան արձագանգած է հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին

Թուրքիան արձագանգած է հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ։ Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան՝ քննարկած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին։

«Հայաստանը պէտք է դադրեցնի իր սադրանքները եւ կեդրոնանայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու եւ համագործակցութեան վրայ»,- գրած է Չաւուշօղլուն իր թուիթըրեան էջին։