image

Թուրքիա արգելափակեց արհեստական բանականութեան քանի մը ծրագիրներ

Թուրքիա արգելափակեց արհեստական բանականութեան քանի մը ծրագիրներ

Թուրքիա դարձաւ աշխարհի մէջ առաջին երկիրը, որ արգելափակեց արհեստական բանականութեամբ աշխատող քանի մը ծրագիրներու հասանելիութիւնը։

Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարան»։

Էլըն Մասքի «Իքս Ըլ» կողմէ մշակուած «Կրօք» ծառայութիւնը արգելափակելէ ետք, կասեցուեցաւ նաեւ «Ասք Փէրփլէքսիթի» ծրագիրը։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ կը նշեն որ սահմանափակումները իրականացան ազգային ապահովութեան ու հանրային կարգի պահպանութեան նպատակով։ Թէեւ որոշման իրաւական մանրամասնութիւնները տակաւին ամբողջութեամբ յայտնի չեն, այնուհանդերձ «Կրօք»ի հասանելիութիւնը ամբողջովին կասեցուած է, նախադէպ մը ձեւաւորելով՝ Թուրքիոյ թուային քաղաքականութեան համար։