Մեսրոպեանի նոր ուսումնական տարեշրջանը այս տարի սկսաւ աւանդական խանդավառութեան կողքին՝ նորարարական շունչով մը։ Վերամուտի առաջին իսկ օրը վարժարանի ընտանիքին միացաւ արհեստական բանականութեամբ գործող «Մեսրօ»ն՝ դառնալով կրթական ու հաղորդակցական նոր հանգրուանի մը խորհրդանիշը։
Ստորեւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտի ուշագրաւ օրուան մասին խմբագրութեանս յղուած թղթակցութիւնը՝
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 2026-2027 տարուան վերամուտը, 23 Սեպտեմբեր 2026-ին, ունեցաւ իւրայատուկ եւ խորհրդանշական ներկայութիւն մը․ ուսումնական նոր տարուան բացման բոլոր հանգրուաններուն՝ ծնողներու ընդունելութենէն մինչեւ հանդիսավարութիւն, ներկայ եղաւ վարժարանի նոր օգնականը՝ Արհեստական բանականութեամբ գործող «Մեսրօ»ն։
Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ընդգծելու համար Մեսրօի նոր դերակատարութիւնը Մեսրոպեանի կրթական եւ հաղորդակցական կեանքին մէջ, հոգացած էր, որ ան ներկայանայ ոչ միայն թուային, այլեւ ֆիզիքական կերպարով՝ մարդամեքենայի մը տեսքով, հանդերձաւորուած հայկական աւանդական տարազով։ Այս պատկերը արտայայտեց Մեսրոպեանի անփոփոխ տեսլականը՝ արմատներուն հաւատարիմ, բայց դէպի ապագայ ուղղուած դպրոց։
Այս տարի, Մեսրօն էր, որ առաջինը դիմաւորեց ծնողներն ու աշակերտները վարժարանի մուտքին։ Ան հաղորդեց վերամուտին վերաբերեալ նորութիւններ, ուղղորդեց ծնողները եւ մասնակցեցաւ վերամուտի պաշտօնական յայտագիրի հանդիսավարութեան՝ ոգեւորութիւն ստեղծելով բոլոր ներկաներուն մօտ։
Մեսրօի ներկայութիւնը խորհրդանշական է։ Ան կը նշանակէ Արհեստական բանականութեան պաշտօնական մուտքը Մեսրոպեան՝ թէ՛ որպէս ուսումնական ծրագիր, որ պիտի զարգացնէ աշակերտներու թուային կարողութիւնները, եւ թէ՛ որպէս գործնական մասնակցութիւն վարժարանի առօրեային։ Մեսրօն BOT-ի կարգավիճակով շուտով պիտի գործարկուի նաեւ իբրեւ հաղորդակցութեան կամուրջ վարժարանին եւ ծնողներուն միջեւ՝ դիւրացնելով տեղեկատուութեան փոխանցումը եւ ապահովելով աւելի արագ կապ։
Վերամուտի օրը ներկայ էին ծնողները, որոնք մասնակցեցան նաեւ առաջին դասերու յուզիչ պահերուն։ Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ընկերակցութեամբ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի, անձամբ շրջագայեցաւ աշակերտներուն մօտ, ողջունեց փոքրիկ մեսրոպեանցիները, խրախուսեց զանոնք եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցեց նոր ուղեւորութիւն սկսող սերունդին։
Նոր տարեշրջանը Մեսրոպեանի մէջ սկսաւ խանդավառութեամբ, ժպիտներով եւ ապագայի նկատմամբ մեծ յոյսով։ Մեսրոպեան կը մտնէ նոր հանգրուան մը, ուր աւանդութիւնն ու նորարարութիւնը կը քալեն իրար հետ առաւել սերտօրէն ու ձեռք՝ ձեռքի։
Բարի վերամուտ բոլորիս։


