13 յունուարին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 15։20-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանի 2-րդ մասնաշէնքի մէջ քանդման աշխատանքներ կատարելու ժամանակ քաղաքացի մնացած է փլատակներու տակ եւ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով նմանատիպ մէկ այլ ահազանգ ալ ստացուած է թանգարանի անվտանգութեան աշխատակիցի կողմէ, որ յայտնած է, որ աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներէն մէկը կոտրուածքներ ունի, սակայն ան փլատակներու տակ չէ։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ Մոսկովեան փողոցի թիւ 40 հասցէն գտնուող թանգարանի 2-րդ մասնաշէնքին մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարելու ատեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի 33-ամեայ Էյվարի Աշնակ Ֆարշիտ Խոսրով բարձրութենէն վար ընկած է։