Ուրիշ տեղեր հայեր կրնան ըլլալ, որոնք կրնան, կամ կրցած են որոշ ատենի մը համար «Փոքրիկ Հայաստաններ» կառուցել, որոնք սակայն (եւ ցաւօք) մշտական չեն, մնայուն չեն, յաւիտենական չեն...
Յաւիտենականը այս հողն է, որ արժանի է մեր սիրոյն ու կոչումին։
Սագօ Արեան լրագրողի էջէն կը կարդանք՝
Աւարտին հասաւ Հայաստան- Սփիւռք հերթական համաժողովը, որուն մասնակցելու առիթ ես եւս ունեցայ։
Այս առթիւ տեղին է անգամ մը եւս մտածել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց կարեւորութեան մասին, ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ ըլլալու ու նաեւ միասնական ապագայ մը կերտելու մասին։
Բոլոր այն խօսակցութիւնները, որոնք «հեռուէն» լսելի կը դառնան օգտակար չեն...
Եկէք, հոս հայրենի հողին վրայ խօսինք...
Հոս է մեր վերջնական տունը, ու հոս է ձեր կարեւոր ներկայութիւնը։
Ինչ գոյնի ալ ըլլաք, ինչ գաղափարի ալ ըլլաք, ինչ տեսակի ալ ըլլաք, հաւատացէք՝ երկրորդական է։
Առաջնայինը հայրենի հողին վրայ ըլլալն է, ու բոլոր պատրուակները երկրորդական են։
Ոչ ներկայ իշխանութիւնը, ոչ ներկայ ընդդիմութիւնը, ոչ Վարչապետը, ոչ ալ այսօրուայ ընդդիմութեան առաջնորդները մնայուն չեն, մշտական չեն...
Դերերը եւ անունները կը փոխուին, մնայունը եւ մշտականը Հայաստանն հայրենիքն է։
Ու բնաւ մեծ «մահանա» մը չէ, մեծ պատրուակ մը չի կրնար ըլլալ, որ այսօր Հայաստան մուտքի կնիքներուն (բէչատներուն) վրայ Արարատի կերպանշանը կայ, կամ չկայ...։
Մենք մեզի, դուք ձեզի, դուք մեզի չխաբենք...
Այսօր ընելիք ունինք, այսօր Սփիւռքն ու սփիւռքահայը տեսլականի հարց ունին ու այդ իրաւ տեսլականը միայն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ է։
Ուրիշ Հայաստաններ չկան, չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ...
Ուրիշ տեղեր հայեր կրնան ըլլալ, որոնք կրնան, կամ կրցած են որոշ ատենի մը համար «Փոքրիկ Հայաստաններ» կառուցել, որոնք սակայն (եւ ցաւօք) մշտական չեն, մնայուն չեն, յաւիտենական չեն...
Յաւիտենականը այս հողն է, որ արժանի է մեր սիրոյն ու կոչումին։