image

Երեւանի մէջ. Ելեկտրական հանրակառքին (Թրոլեյպուս) մէջ հրտեհ բռնկած է․ կայ վիրաւոր

 Երեւանի մէջ. Ելեկտրական հանրակառքին (Թրոլեյպուս) մէջ հրտեհ բռնկած է․ կայ  վիրաւոր

Քիչ առաջ արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ, Սեբաստիա փողոցի մէջ, հրդեհ բռնկած է Երեւանի քաղաքապետարանի հաշուեկշռին մէջ հաշուառուած թիւ 15 երթուղին սպասարկող ելեկտրակառքին (թրոլէյպուս) մէջ, որմէ ետք ելեկտրակառքը բախած է Պարեկային ծառայութեան մեքենային։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ երբ ելեկտրակառքին մէջ հրդեհ բռնկած է, դէպքի վայրի հարեւանութեամբ՝ Սեբաստիա 153/3 հասցէին վրայ գործող մեքենաներու սպասարկման կէտի աշխատակիցներն ուղեւորները շտապ տարհանած են։ Տարհանման ժամանակ աշխատակիցներէն մէկը ձեռքերու հատուածին այրուածքներ ստացած է։

Կրակը տեսանելի է մի քանի հարիւր մեթրէն։ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ երբ ելեկտրակառքին մէջ հրդեհ բռնկած է, պարեկները մօտեցած են եւ վարորդներու ու քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար սահմանազատած տարածքը։ Այդ ժամանակ ալ ելեկտրակառքը ետընթաց կատարած է ու բախած Պարեկային ծառայութեան մեքենային։

Դէպքի վայր ժամանած են Փրկարար ծառայութեան Երեւանի հրշէջ-փրկարարկան ջոկատներէն 2 մարտական հաշուարկ եւ շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը։