Յուլիս 8-ին ինքնաշարժի արկած տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ։ Ժամը 20։30-ի սահմաններուն Ալաշկերտ- Հայկաւան ճանապարհին Արմաւիրի մարզի բնակիչ, 18-ամեայ Սեդրակ Գ․-ն իր վարած «Nissan Teana» մակնիշի մեքենայով դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն եւ բախած հաստաբուն ծառին։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ վթարի հետեւանքով վարորդը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է «Արմաւիր» բժշկական կեդրոն։
Վթարի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։
Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով, վարորդը, որ չէ ունեցած վարորդական իրաւունքի վկայական, կը ծառայէ ՀՀ Պաշտպանութեան անխարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, որպէս ժամկէտային զինծառայող։