image

Թրամփ եւ Պայտըն յառաջիկայ ընտրութեանց թեկնածուներ

Թրամփ եւ Պայտըն յառաջիկայ ընտրութեանց թեկնածուներ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յաղթած են հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու նախնական ընտրութիւններուն (փրայմըրիզ), յայտնած է BBC-ն։

Անոնք յառաջիկային իրենց կուսակցութիւններու կողմէ պաշտօնապէս պիտի առաջադրուին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին։

Աղբիւրը նկատած է, որ որպէս նախագահի թեկնածու Պայտընի առաջադրումը Դեմոկրատական կուսակցութենէն ձեւական բնոյթ կը կրէր, քանի որ երկրի գործող ղեկավարը, երբ կ՚որոշէ առաջադրուիլ երկրորդ ժամկէտի համար, որպէս կանոն, լուրջ մրցակցութիւն չունենար իր կուսակցութեան մէջ։

Մինչդեռ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ առաջադրման համար պայքարը բաւականին լուրջ էր, թէեւ Թրամփ քարոզարշաւի սկիզբէն ունէր հսկայական առաւելութիւն: Անոր ամենալուրջ մրցակիցը ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքի Հէյլին էր, որ նախնական ընտրութիւններուն պարտուած էր։

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024 թուականի նոյեմբեր 5-ին