Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքմենստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Թուրքմենստան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր։ Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։
Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է այս տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) կայացման եւ Սերտար Պերտիմուհամետովը հրաւիրած է Հայաստան՝ մասնակցելու COP17-ի շրջածիրէն ներս կայանալիք Առաջնորդներու գագաթնաժողովին։
Թուրքմենստանի նախագահը սիրով ընդունած է հրաւէրը։