image

Նախնական համաձայնութեան յայտարարութենէն ետք. Նաթանիահուն զանգած է Թրամփին

Նախնական համաձայնութեան յայտարարութենէն ետք. Նաթանիահուն զանգած է Թրամփին

Կազայի համաձայնագրի յայտարարումէն կարճ ժամանակ անց Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, կը հաղորդէ The Times of Israel–ը՝ վկայակոչելով վարչապետի գրասենեակը։

«Անոնք ունեցած են շատ յուզիչ եւ ջերմ զրոյց մը՝ զիրար շնորհաւորելով բոլոր պատանդներու ազատ արձակման համաձայնագրի ստորագրման պատմական ձեռքբերումին առիթով»,–թերթը մէջբերած է Նաթանիահուի գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Իսրայէլի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ անոր ջանքերուն համար։ Թրամփ, իր հերթին, գովաբանած է Նաթանիահուն՝ «վճռական ղեկավարութեան եւ ձեռնարկած քայլերուն» համար։