image

Թրամփ կոչ ըրած է Էրտողանին դադրեցնելու Ռուսիայէն նաւթ եւ կազ գնելը. Reuters

Թրամփ կոչ ըրած է Էրտողանին դադրեցնելու Ռուսիայէն նաւթ եւ կազ գնելը. Reuters

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տան մէջ հիւրընկալած է իր թուրք գործընկեր Ռեճէփ Թայէպ Էրտողանը եւ անոր կոչ ուղղած է հրաժարելու ռուսական ուժանիւթակիրներէ, կը հաղորդէ Reuters-ը։

«Լաւագոյն բանը, որ ան կրնայ ընել՝ Ռուսիայն նաւթ եւ կազ գնելը դադրեցնելն է»,– Էրտողանի ներկայութեամբ լրագրողներուն ըսած է Թրամփը՝ անոր դիմելով երրորդ դէմքով։

Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ կրնայ վերացնել Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցները եւ թոյլ տալ Անգարային գնել ամերիկեան հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչներ։

«Անոր որոշ բաներ պէտք են, մեզի ալ պէտք են, եւ պիտի համաձայնինք։ Օրուան վերջաւորութեան դուք այդ մասին պիտի տեղեկանաք»,– աւելցուցած է Թրամփը եւ նշած, որ Անգարան կը փափաքի նաեւ գնել աւելի շատ ամերիկեան չորրորդ սերունդի F-16 կործանիչներ։

Թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ պատժամիջոցները սահմանուած էին Թրամփի առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին՝ Անգարայի կողմէ Մոսկուայէն ռուսական Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու պատճառով։ Երբ հարցուցած են, թէ երբ կրնան անոնք չեղարկուիլ, Թրամփ պատասխանած է․ «Եթէ լաւ հանդիպում ունենանք՝ գրեթէ անմիջապէս»։

Էրտողան Թուրքիա–Ռուսիա առեւտրային յարաբերութիւններուն վերաբերեալ որեւէ յստակ յայտարարութիւն չէ կատարած, բայց յայտնած է իր յոյսը, որ կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ քննարկել F-35 եւ F-16 ռազմական ինքնաթիռներու գնման հարցը։