image

Թեսաղոնիկէի մէջ.  Սուրբ Պատարագ  Ձեռամբ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեանի

Թեսաղոնիկէի մէջ.  Սուրբ Պատարագ  Ձեռամբ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեանի

Թեսաղոնիկէի  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 121 ամեակին առիթով, օրերս, տեղի ունեցած է Առաջնորդական պատարագ, որու աւարտին կատարուած է մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ Թեսաղոնիկէի համայնքին ծառայած ննջեցեալ հայորդիներու հոգիներուն համար։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. սուրբ Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 121 ամեակին առիթով: Առաջնորդը նախ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ազգընտիր Կաթողիկոսի ողջունեց Թեսաղոնիկէի հաւատաւոր ժողովուրդը ապա ողջունեց ազգայիններու, Յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու, պատւոյ հիւրերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութիւնը: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ հայր սուրբը շեշտեց երեք հարստութիւններու կարեւորութիւնը եւ զանոնք սերունդներուն փոխանցելու յրամաեականը. Հաւատք՝ հոգեւոր հարստութիւնը, Եկեղեցի եւ Հայրենիք՝ ազգային հարստութիւնները, Հայ Լեզու եւ այլ արժէքներ՝ մշակութային հարստութիւնը: 

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ Թեսաղոնիկէի համայնքին ծառայած ննջեցեալ հայորդիներու հոգիներուն համար: Ս. Պատարագէն ետք  եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Թեսաղոնիկէի համազգայինի պարախումբը հանդէս եկաւ քանի մը պարային համարներով: