image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիաս. Ձեռամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի՝ Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն

Անթիլիաս. Ձեռամբ  Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի՝ Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն

«Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝ 

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Լիբանան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբեղայ Ֆիլիքեանի, Կիրակի, 10 Մայիս 2026-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։

Դպրութեան չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւն, ջահընկալութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ընթերցողութիւն ստացան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինէն չորս աշակերտներ.- Նարեկ Քէշիշեան, Նարեկ Աթօքանեան, Գէորգ Գալուստեան եւ Աբրահամ Պայտունեան. իսկ կիսասարկաւագական ձեռնադրութեամբ սուրբ ուրարները կրելու իշխանութիւն տրուեցաւ Ընծայարան բաժինէն վեց աշակերտներ.- Նարեկ Քէշիշեան, Յարութ Գամայեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Պետրոս Պետրոսեան, Հրակ Պոյաճեան եւ Սարգիս Փալասեան։

Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ առաւելաբար կեդրոնացաւ մեր հոգեւոր, եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւնները պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու հրամայականին վրայ։

Ապա, Շահէ արքեպիսկոպոս իր խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն՝ ընդգծեց. «այսօր ձեզի տրուած եկեղեցական աստիճանները փոքր բաներ են, սակայն Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոնք կշիռ ունեցող իրաւունքներ են, որպէսզի դուք այսուհետւ կարենաք հասնիլ աւելի մեծ պարտականութիւններու ու բարձրագոյն պատիւներու։ Կարեւոր չէ, թէ այսօր ձեռնադրութեամբ ի՛նչ ստացաք, այլ կարեւորն այն է, թէ ձեր ստացածը ինչպէ՛ս պիտի օգտագործէք, որպէսզի Աստուած ձեզ առաջնորդէ աւելի մեծ, աւելի սքանչելի, աւելի բարձր ու շքեղ մեծութիւններու։ Յիշեցէք, թէ ձեր ունեցած կարողութիւնները Աստուծոյ կողմէ ձեզի տրուած շնորհքներ են, որոնք պէտք չէ փուշերուն մէջ իյնալով՝ մեռնին, այլ՝ Աստուծոյ օժանդակութեամբ պտղաբերին։ Մի՛ մոռնաք, թէ նուիրումը կը սկսի պզտիկ պարտականութիւններու ճամբով, որպէսզի օր մը Աստուծոյ կոչումով վերածուի աւելի շքեղ աշխատանքի եւ ծառայական առաքելութեան։ կ՚աղօթեմ եւ կը մաղթեմ, որ Դպրեվանքի յարկին տակ, օր մը նաեւ լսէք Աստուծոյ քաղցր կանչը, որ ձեզ իբրեւ առաքեալ պիտի ուզէ ղրկել աշխարհին, այնտեղ իրագործելու համար Իր կամքը»։

Աւարտին, սրբազան հայրը աղօթելու կոչ ուղղեց, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը առատանայ բոլորիս վրայ եւ մեր նախնեաց հաւատքին մէջ վերանորոգուի մեր ժողովուրդը։ «Աղօթենք, որ մեր զաւակները սորվին Աստուծոյ տունը տանող ճամբաները, իրենցմով առաւել եւս ճոխանան մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շարքերը եւ ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ազգիս հայոց, առաւել եւս ամրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը»։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը շարունակէ նոյն ոգիով ու տեսիլքով իր առաքելութիւնը իրագործել՝ հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուող մշակներ կազմաւորելով։