image

Թեհրանի մէջ. Փութին եւ Էրտողան քննարկած են Արցախի հարցը

Թեհրանի մէջ. Փութին եւ Էրտողան քննարկած են Արցախի հարցը

Թեհրանի մէջ, Ասթանայի ձեւաչափով գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտին, այլ հարցերու կողքին, խօսեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի կարգաւորման մասին:

«Անշուշտ, մեր տեսադաշտին մէջ է նաեւ այլ կարեւոր հարց մը` ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը: Վերջերս Կասպից  համաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահին հետ», ըսաւ Փութին։

Ան դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները, անկախ ամէն ինչէ, կը զարգանան, ապրաքններու շրջանառութիւնը կ՛աճի, ընդ որում` շատ զգալի թափով:

Փութին նաեւ ընդգծեց, թէ ուրախ է, որ Ասթանայի եռեակի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ կարելի եղաւ իր եւ Էրտողանի միջեւ երկկողմ հանդիպում մը կազմակերպել, որովհետեւ հարցերը շատ են:

Կողմերը քննարկեցին նաեւ սուրիական հարցը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի մեծ նախագիծերու իրականացումը: