Թեհրանը ազատ արձակած է իրանեան դատարաններու կողմէ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած Մեծն Բրիտանիոյ երկու քաղաքացիները:
Thomson Reuters հիմնադրամի աշխատակից, իրանեան ծագում ունեցող Նազանին Զագարի-Ռեթքլիֆը ձերբակալուած էր 2016 թուականի Ապրիլին` Թեհրանի միջազգային օդակայանին մէջ: Իրանեան իշխանութիւնները զայն մեղադրած էին իսլամական հանրապետութեան իշխանութիւններու տապալմանն ուղղուած դաւադրութեան մասնակցելու համար: Ազատ արձակուած միւս բրիտանացին` Անուշէ Աշուրին եւս իրանեան ծագում ունի:
Իրանեան յատուկ ծառայութիւնները Աշուրին ձերբակալած էին 2019 թուականին: Հետագային ան դատապարտուած էր 10 տարուայ բանտարկութեան՝ Իսրայէլի հետախուզութեան` «Մոսատ»ի հետ համագործակցելու մեղադրանքով: