image

Թեհրան արաբական տէրութիւններէ փոխհատուցում պահանջած է

Թեհրան արաբական տէրութիւններէ փոխհատուցում պահանջած է

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրավանին յայտարարած է Պահրէյնէն, Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն, ԱՄԷ-էն եւ Յորդանանէն փոխհատուցում պահանջելու մասին՝ ամերիկա-իսրայէլեան գործողութեան հետեւանքով Իրանին պատճառուած վնասի համար։ Այս մասին ըսուած է Իրավանիի նամակին մէջ, որ ան ուղարկած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին։

«Պահրէյնի Թագաւորութիւնը, Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը, Քաթարի պետութիւնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւնը… պէտք է ամբողջութեամբ փոխհատուցեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրած վնասը, ներառեալ անոնց միջազգային հակաիրաւական գործողութիւններու հետեւանքով պատճառուած բոլոր նիւթական եւ բարոյական վնասները»,– նամակէն հատուած մէջբերած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։

Իրանական կողմը այս պահանջը կը կապէ այն հանգամանքի հետ, որ Իրանի դէմ գործողութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգները «օգտագործած է նշուած արաբական պետութիւններու տարածքները՝ անոնց թոյլտւութեամբ՝ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու համար»։

«Այս պետութիւններու վարքագիծը՝ յարձակողներու կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ իրենց տարածքներու օգտագործումը արտօնելը, կ՚որակուի որպէս յարձակման արարք»,– շեշտած է Իրավանին։

Նամակին համաձայն՝ այս երկիրները «խախտած են Իրանի նկատմամբ իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները»։