image

Թեհրան ակնդէտ կը հետեւի «3+3» ձեւաչափի իրականացման

Թեհրան ակնդէտ կը հետեւի «3+3» ձեւաչափի իրականացման

Իրան կ՛աջակցի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասիր Քենաանի:

Ան կարեւոր նկատեց յատկապէս «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը եւ աւելցուց, որ համաձայնութիւն գոյացած է` ձեւաչափի երկրորդ նիստը Թեհրանի մէջ գումարելու վերաբերեալ: «Հարցերը, որոնք այդ ձեւաչափի ծիրին մէջ գումարուելիք նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին, կը շարունակեն ճշդուիլ, եւ անոր համար ժամանակ կը պահանջուի», ընդգծեց ան: